2013-11-12 11:21:33

Նոյնիսկ երբ մեզ կը հանդիմանէ` Աստուած երբեք մեզ չի վիրաւորեր'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ։


Երեքշաբթի, 11 նոյեմբեր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Համայն Ռուսիոյ Օրթոտոքս Պատրիարքութեան` միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի նախագահ` Մետրոպոլիտ` Հիլարիոն Տի Վոլոքոլամսքը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։
Իսկ առաւօտեան ժամը 7-ին, Սրբազան Հայրը առօրեայ պատարագ մատոյց` Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, հրաւիրեց ''Ապաւինիլ Աստուծոյ, ինչպէս մանուկ մը կը յանձնուի իր հօր ձեռքերուն'', ու հաստատեց թէ Աստուած երբե՛ք չի լքեր զմեզ ու նոյնիսկ երբ մեզ համդիմանէ` զայն կ՛ընէ մեզ շոյելով, առանց վիրաւորանքի։
Սրբազան Հայրը խորհրդածեց ''Իմաստութեան գիրքէն'' քաղուած ստեղծագործութեան մասին խօսող հատուածին վրայ։ ''Աստուած - ըսաւ Ան - մարդը ստեղծեց սակայն սատանային ''նախանձը'' մահ մտցուց աշխարհին մէջ։'' Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց թէ ինչպէս, Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք թէ ''Աստուած կ՛առաջնորդէ իր ժողովուրդը։Կ՛ընկերանայ անոր եւ Հօր մը նման` քալել կը սորվեցնէ, կեանքի եւ փրկութեան ճանպարհով։ Աստուծոյ ձեռքերուն յանձնուիլը գեղեցիկ է - ըսաւ Քահանայապետը - որովհետեւ հոն ապահովութիւն կայ` գերագոյն ապահովութիւնը, որովհետեւ Ան մեզ կը սիրէ։
Ապաւինինք ուրեմն Աստուծոյ - շեշտեց Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւնը եզրափակելով - այնպէս ինչպէս մանուկ մը կը յանձնուի իր Հօր ձեռքերուն։ Անոր ձեռքերը ապահով ձեռքեր են։








All the contents on this site are copyrighted ©.